2016-10-05 09:53:00

Ֆրանչիսկոս Պապին գործունէութիւնը` համամիութենական ժամասացութեան պատմական արարողութիւն։


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի 5 հոկտեմբեր 2016-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը առաւօտեան ժամը 9-ին, Պօղոս Զ անուան փոքրիկ սրահին մէջ ընդունեց ''Vodafone ընկերութեան հիմնադրամի'' ղեկավարները ապա ժամը 10-ին Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ գլխաւորեց չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնը որուն ընթացքին ծաւալուն կերպով անդրադարձաւ Կովկասեան շրջան կատարած իր հովուական այցելութեան մասին։ Իսկ յետմիջօրէի ժամը 4-ին, միշտ Պօղոս Զ անուան սրահի գրասենեակին մէջ ընդունեց ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունը եւ Ողիմպիական միջազգային կոմիտէի նախագահ` Տիար Թոմաս Պախը որոնք իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն ''մարզանք ու հաւատք'' խորագիրով Քահանայապետական մշակոյթի խորհուրդի կողմէ կազմակերպուած հաւաքին որուն բացումը կը կատարէ Ֆրանչիսկոս Պապը` վերոնշեալ անձնաւորութիւններու հետ հանդիպումէն ետք` Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ ընդունելով հաւաքին 7 հազար մասնակցողները։

Երեկոյեան 6-ին Նորին Սրբութիւնը կ՛ուղղուի Հռոմի Սուրբ Անդրէաս ու Գրիգոր եկեղեցի ուր Քանթերպուրրիի Արքեպիսկոպոս` Ժասթին Ուելպիի մասնակցութեամբ կը գլխաւորէ ժամասացութեան արարողութիւնը յիշատակելու համար երջանկայիշատակ Երանելի Պօղոս Զ քահանայապետի Հռոմի Անկլիքան կեդրոնի ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպման 50 ամեակը։

Վերոնշեալ արարողութիւնը պատմական կը նկատուի որովհետեւի առաջին անգման է որ Քահանայապետ մը ու Անկլիքան եկեղեցւոյ առաջնորդ մը միասին պիտի կատարեն ժամասացութեան արարողութիւնը` 1534 թուականի Լուտերական Վերանորոգումի շրջանէն ասդին։ ։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.